Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Կառավարութիւնը կը Շարունակէ Փոխհատուցել Սուրիահայ Ուսանողներու Ուսման Վարձերը

Հայաստանի Կառավարութիւնը կը Շարունակէ Փոխհատուցել Սուրիահայ Ուսանողներու Ուսման Վարձերը

by MassisPost

Հայաստանի Կառավարութեան համապատասխան որոշմամբ գումար կը յատկացուի սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձերը փոխհատուցելու նպատակով:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հիմնաւորման համաձայն՝ ներկայիս ՀՀ-ի մէջ 500 սուրիահայ ուսանողներէն ուսման վարձի կարիք ունին շուրջ 400-ը:

Ինչպէս նախկին տարիներուն, այս տարի նոյնպէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը պատրաստ են սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 ուս.տարուան  վարձերու մասնակի փոխհատուցման համար տրամադրել իւրաքանչիւրը 125.000 ԱՄՆ տոլար:

Սակայն ուսման ամբողջ վարձի փոխհատուցման համար անհրաժեշտ է յատկացնել ֆինանսական միջոցներ՝ 20 մլն  ՀՀ դրամի չափով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment