Թայուան յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու գործողութիւններու մասին տեղեակ պիտի պահէ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, իբր բողոք, Հայաստանի կողմէ 78 թայուանցիներու Չինաստան արտայանձնումին:
«Հայաստանի կառավարութիւնը՝ մարդու իրաւունքներու, միջազգային իրաւական սկզբունքներու եւ նախադէպերու լուրջ խախտում կատարած է»,- յայտարարած է Թայուանի արտ. գործ. նախարարութիւնը՝ «Ֆրանսբրես» գործակալութեան:
Թայուանի իշխանութիւններուն համաձայն, օգոստոս 26-ին, Հայաստանի ոստիկանութիւնը 78 թայուանցիներ ձերբակալած եւ գրաւած է անոնց անձնագրերը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց մօտ եղած սարքաւորումները: Ձերբակալուածներուն չէ արտօնուած կապուիլ իրենց փաստաբաններուն հետ: Այնուհետեւ, Չինաստանի մէջ քննուող խաբեբայութեան գործի կապակցութեամբ, վերջիններս արտայանձնուէր են Չինաստանին:
Հայաստանի ոստիկանութիւնը յայտնեց, թէ որեւէ տեղեկատուութիւն չունի այս մասին:
Թայուանի՝ Մայրցամաքի հարցերով խորհուրդը, բողոքագիր յղած է նաեւ՝ Բեգին:
«Մենք բազմիցս պահանջած ենք , որպէսզի չինական կողմը զերծ մնայ մեր քաղաքացիներու արտաքսումէն դէպի մայրցամաքային Չինաստան», – նշուած է Խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Թայուանի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած են, որ բանակցութիւններ կը վարեն Չինաստանի հետ՝ կասկածեալներուն Թայուան վերադարձնելու հարցով:
Չնայած Թայուանի բողոքին, ապրիլ ամսուան ընթացքին, Քենիան՝ խաբեբայութեամբ մեղադրուող տասնեակ թայուանցիներ՝ արտայանձնած է Չինաստանին:
Թայփեյը բողոքագրեր յղած է նաեւ՝ Մալայզիայի եւ Կամբոջիայի նոյնատիպ գործողութիւններու կապակցութեամբ՝ մեղադրելով Բեգինը, իր քաղաքացիներուն «առեւանգելու» մեղքով:
Չինաստանը կը պնդէ, որ Թայուան իրեն մաս կը կազմէ, թէեւ կողմերը առանձնացած են 1949 թուականին, քաղաքացիական պատերազմէն յետոյ: