Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ըսելով, թէ ինք ռուսերէն լեզուի դասաւանդման հայեցակարգ մշակելու յանձնարարական չէ տուած:
Լրագրողներու դիտարկման, թէ հայեցակարգին մէջ նշուած է, որ այն մշակուած է վարչապետի յանձնարարականով, Կարէն Կարապետեան արձագանգած է․ – «Ես շատ պարզ ձեւակերպեցի՝ նման յանձնարարական չի եղել»:
Նշուած հայեցակարգը իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին շրջանառութեան մէջ դրուած է 11 Սեպտեմբերէն։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ վարչապետին յանձնարարականով Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը մշակած է դպրոցներուն մէջ ռուսերէն լեզուի դասաւանդման հայեցակարգ, որ կը հռչակէ, թէ «Հայաստանի մէջ ռուսերէնի ուսուցումը կարեւորագոյն խնդիրներէն է», որպէս նպատակ նշուած է «ռուսաց լեզուի հանրայնացում»ը եւ կ’ընդգծէ, որ «ռուսերէնի ուսումնառութիւնը դպրոցներում սովորողներին եւ ուսանողներին հնարաւորութիւն կը տայ ձեռք բերել գիտելիք ու հմտութիւններ՝ միմիանց հետ արդիւնաւէտ համագործակցելու համար»:
Պաշտօնական փաստաթուղթին համաձայն, ռուսերէն լեզուի ազատ տիրապետումն անհրաժեշտ է արտադրութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի վերածնունդի ու զարգացման, ինչպէս նաեւ աշխարհատնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հարցին մէջ համաշխարհային հանրութեան հետ Հայաստանի մասնակցութեան համար։