Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսերէն Լեզուի Դասաւանդման Հայեցակարգ Մշակելու Յանձնարարական չէ Տրուած

Ռուսերէն Լեզուի Դասաւանդման Հայեցակարգ Մշակելու Յանձնարարական չէ Տրուած

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ըսելով, թէ ինք ռուսերէն լեզուի դասաւանդման հայեցակարգ մշակելու յանձնարարական չէ տուած:

Լրագրողներու դիտարկման, թէ հայեցակարգին մէջ նշուած է, որ այն մշակուած է վարչապետի յանձնարարականով, Կարէն Կարապետեան արձագանգած է․ – «Ես շատ պարզ ձեւակերպեցի՝ նման յանձնարարական չի եղել»:

Նշուած հայեցակարգը իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին շրջանառութեան մէջ դրուած է 11 Սեպտեմբերէն։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ վարչապետին յանձնարարականով Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը մշակած է դպրոցներուն մէջ ռուսերէն լեզուի դասաւանդման հայեցակարգ, որ կը հռչակէ, թէ «Հայաստանի մէջ ռուսերէնի ուսուցումը կարեւորագոյն խնդիրներէն է», որպէս նպատակ նշուած է «ռուսաց լեզուի հանրայնացում»ը եւ կ’ընդգծէ, որ «ռուսերէնի ուսումնառութիւնը դպրոցներում սովորողներին եւ ուսանողներին հնարաւորութիւն կը տայ ձեռք բերել գիտելիք ու հմտութիւններ՝ միմիանց հետ արդիւնաւէտ համագործակցելու համար»:

Պաշտօնական փաստաթուղթին համաձայն, ռուսերէն լեզուի ազատ տիրապետումն անհրաժեշտ է արտադրութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի վերածնունդի ու զարգացման, ինչպէս նաեւ աշխարհատնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հարցին մէջ համաշխարհային հանրութեան հետ Հայաստանի մասնակցութեան համար։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment