Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Քերն անհնար համարած է Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան: Այս մասին ան խօսած է գերմանական «Frankfurter Allgemeine Zeitung»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
Քերն ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Թուրքիոյ մէջ դատական գործ յարուցած են ընդդիմադիր «Ճումհուրիէթ» պարբերականի աշխատակիցներուն դէմ, իսկ քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան պատգամաւոր Էնիս Պէրպէրօղլու բանտարկուած է առանց հիմնաւոր պատճառի:
Աւստրիոյ վարչապետն ընդգծած է, որ Եւրոմիութիւնը տնտեսական առումով կախուածութիւն չունի Թուրքիայէն, այլ հակառակը, Թուրքիա կախուած է ԵՄ-էն: «Թուրքիա մեծապէս կախուած է Եւրոպայէն եւ Արեւմուտքէն: Ուղղակիօրէն Թուրքիա կատարուող ներդրումներու մեծ մասը Արեւմուտքէն է»,- նշած է ան:
Քերն ըսած է, որ Թուրքիա պէտք է քայլեր ձեռնարկէ Եւրոպային աւելի մօտենալու համար: