Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովին Մէջ Լարուած Իրավիճակը Վերածուած Է Ծեծկռտուքի Եւ Շարունակուած Է Միջանցքին Մէջ Եւս

Ազգային Ժողովին Մէջ Լարուած Իրավիճակը Վերածուած Է Ծեծկռտուքի Եւ Շարունակուած Է Միջանցքին Մէջ Եւս

by MassisPost

Ազգային Ժողովին մէջ հրմշտոց ու ծեծկռտուք եղած է ընդդիմադիր եւ իշխանական պատգամաւորներուն միջեւ:

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Չախոյեան իր ելոյթին ժամանակ դիմած է ընդդիմադիրներուն ու ընդգծած, որ չի կրնար Նարեկ Կարապետեանի ընտանիքին մասին չխօսիլ, որովհետեւ այդ ընտանիքին բոլոր անդամները այս կամ այն կերպ քաղաքականութեան հետ կապ ունին, նոյնիսկ վերջինիս հօրեղբօր որդին (խմբ. Սարգիս Կարապետեանը) կ’առաջարկէր «սեքսի» նախարարութիւն բանալ ու իր արտայայտութիւններուն համար կիներէն ներողութիւն ալ չէ խնդրած:

Կարապետեանը արձագանգած է տեղէն գոռգոռոցներով ու ձեռքը առջեւ պարզելով, այնուհետեւ սկսած են փոխադարձ արտայայտութիւններ, ապա ընդդիմադիր պատգամաւորները առջեւ եկած են, յարձակած են Չախոյեանի վրայ, եւ սկսած է հրմշտոց ու ծեծկռտուք։

Քաշքշոցը հարթուելէ կարճ վայրկեաններ անց լարուած իրավիճակը կրկին շարունակուած է, միջամտած են երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները, մեծ ծեծկռտուք սկսած է, ու պատգամաւորները իրարու հարուածներ հասցուցած են:

«Յատուկ ընդմիջում չեմ յայտարարում, որ բոլորը տեսնեն սա։ Նիստը սենց շարունակուելու է, թող բոլորը տեսնեն»,- յայտարարած է Ռուբեն Ռուբինեան։

Այնուամենայնիւ, երբ գործի դրուած են բռունցքները, Ռուբինեանը յայտարարած է ընդմիջում, ներս հրաւիրուած են ԱԺ անվտանգութեան աշխատակիցները, դահլիճէն հեռացուած են «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները, սակայն վէճն ու քաշքշոցը շարունակուած են ԱԺ միջանցքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment