Հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ խնդիրը արտահերթ ընտրութիւններու չհասնի։ Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 29-ին կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ։
Փաշինեան յայտնած է, որ ընդդիմութիւնը, նոր Սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը տարածաշրջանային, միջազգային եւ խաղաղութեան օրակարգերու հետ կապելով, հնարաւորութիւն ստեղծած է իր նկատմամբ հանրային
ճնշում ձեւաւորելու, որպէսզի ընդդիմադիր պատգամաւորները իրենց քուէարկութեամբ հնարաւոր դարձնեն նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն։ Փաշինեանի գնահատմամբ՝ մեծ է հաւանականութիւնը, որ հնարաւոր ըլլայ
ընդդիմութեան այնպիսի առաջարկ ընել, որմէ վերջինս չկրնայ հրաժարիլ, եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւն չառաջանայ։
«Երէկուայ Ազգային Ժողովի հարց ու պատասխանը ինձ համար ակնյայտ դարձրեց, որ հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ բանը արտահերթ ընտրութիւնների չի հասնի, այլ ընդհակառակը՝ կը ձեւակերպուի առաջարկ, որից ընդդիմութիւնը պարզապէս չի կարող հրաժարուել»,- յայտնած է Փաշինեան։
«Իրենք երէկուայ հարց ու պատասխանի արդիւնքներով հնարաւորութիւն տուեցին, որպէսզի մենք գործընթացը տանենք այնպէս, որ ընդդիմութեան վրայ մեծ հանրային ճնշում յառաջանայ, որպէսզի նրանք իրենց քուէարկութեամբ հնարաւոր դարձնեն […] նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն»,- ըսած է Փաշինեան։
«Շատ մեծ հնարաւորութիւն ստեղծեցին, բայց այսօր չի այդ հնարաւորութիւնը։ Մենք դեռ աշխատանք ունենք անելու, եւ ես այսօր չեմ կարող երաշխաւորել, որ այդ առաջարկը կարողանամ ձեւակերպել»,- յայտնած է ան։
Փաշինեանի խօսքով՝ ընդդիմութիւնը Հոկտեմբեր 28-ի խորհրդարանական հարցուպատասխանի ժամանակ Սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը կապած է տարածաշրջանային, միջազգային եւ խաղաղութեան օրակարգերու հետ՝ բարձրացնելով հարց մը, որուն ինք պէտք է պատասխան գտնէ։
Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է ընդդիմութեան այն պնդման, որ իշխանութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն չէ ստացած Սահմանադրութեան հարցը առանց ընդդիմութեան լուծելու համար անհրաժեշտ ձայները։
Ան հակադարձած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը ներառուած եղած է «Քաղաքացիական Պայմանագրի» նախընտրական ծրագրին մէջ, եւ իշխանութիւնն ունի այն իրականացնելու մանտաթ։
«700.000-ից աւել քաղաքացի քուէարկել է այդ նախընտրական ծրագրի օգտին, եւ մենք պէտք է իրականացնենք այդ ծրագիրը, այսինքն՝ ունենք այդ մանտաթը՝ այդ ծրագիրն իրականացնելու»,- ըսած է վարչապետը։
Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՔՊ-ն ստացած է 726 հազար 818 ձայն՝ մօտ 49,75 տոկոսը, եւ 105-տեղանոց Ազգային Ժողովին մէջ զբաղեցուցած է 64 աթոռ։ Գործող Սահմանադրութեան համաձայն՝ նոր Սահմանադրութեան
նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար անհրաժեշտ է պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն երկու երրորդին աջակցութիւնը, այսինքն՝ 70 ձայն։ Իշխող ուժին կը պակսի վեց ձայն։

