Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Տուրղութին Կը Յիշէ Պլոքը»՝ Յիշատակի Ձեռնարկ Աթէնքի Մէջ

«Տուրղութին Կը Յիշէ Պլոքը»՝ Յիշատակի Ձեռնարկ Աթէնքի Մէջ

1944-ի Տուրղութիի Պլոքը - Շրջափակումն ու Բռնարշաւը

by MassisPost

Աթէնքի պատմական Տուրղութի թաղամասին մէջ, Հոկտեմբեր 4-ին, տեղի ունեցաւ «Տուրղութին կը յիշէ Պլոքը» խորագիրով յիշատակի ձեռնարկ՝ նուիրուած 1944 թուականի Օգոստոս 9-ին Տուրղութիի շրջափակման զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ նացիական բռնագրաւման տարիներուն հալածանքներու եւ բռնութիւններու ենթարկուածներուն։

Ձեռնարկը համատեղ կազմակերպած էին Յունաստանի Հայերու Միութիւնը եւ յունական «Պիղասոս» մարզամշակութային միութիւնը՝ Աթէնքի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ։

Տուրղութին, որ ներկայիս Աթէնքի Նէոս Քոսմոս թաղամասին մաս կը կազմէ, առանձնայատուկ տեղ ունի նաեւ Յունաստանի հայ համայնքի պատմութեան մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ հայերն ու յոյները այստեղ ապրած են կողք կողքի՝ ստեղծելով մարդկային եւ համայնքային ամուր կապեր։ Նացիական բռնագրաւման տարիներուն անոնք նաեւ կողք կողքի մասնակցած են ազատագրական պայքարին։

Յուշարձանին մօտ, Աթէնքի քաղաքապետարանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի երաժշտական կատարումներու ընկերակցութեամբ, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն։

Ձեռնարկին ներկայ էին պետական, խորհրդարանական, տեղական ինքնակառավարման, դիւանագիտական, եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներ ներկայացնող շուրջ 40 բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Ծաղկեպսակներ զետեղեցին Յունաստանի պետական կառոյցներու, Աթէնքի քաղաքապետարանի, ինչպէս նաեւ յունական քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու աւելի քան երկու տասնեակ ներկայացուցիչներ։ Ծաղկեպսակներ զետեղեցին նաեւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Յունաստանի Հայերու Միութեան վարչութեան անդամ Տիգրան Ղալումեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Յունաստանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան։

Ձեռնարկին առիթով գրաւոր ողջոյնի խօսքեր յղած էին նաեւ Յունաստանի նախարարներ Թաքիս Թէոտորիքաքոս եւ Տոմնա Միխայիլիտու, փոխնախարար Աննա Էֆթիմիու եւ իշխող խմբակցութեան երեսփոխան Տիմիթրիս Քուվելաս։ Կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց՝ ձեռնարկին հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան եւ արձագանգին համար։

Յիշատակի արարողութենէն ետք ձեռնարկը շարունակուեցաւ յուշակոթողին կից Տուրղութիի հրապարակին մէջ, ուր Աթէնքի քաղաքապետարանի Յունական Երաժշտութեան Արուեստանոցը հանդէս եկաւ համերգային յայտագիրով։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, «Պիղասոս» մարզամշակութային միութեան նախագահ Միխալիս Այդոնիտիս, Յունաստանի Հայերու Միութեան համանախագահ Հայկ Կասարճեան եւ Աթէնքի քաղաքապետի ներկայացուցիչը։

Յիշատակի այս ձեռնարկը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացաւ ոգեկոչելու Տուրղութիի շրջափակման զոհերու յիշատակը, վերարժեւորելու շրջանի պատմական յիշողութիւնը եւ անցեալի ողբերգական էջերուն մասին իրազեկութիւնը փոխանցելու նոր սերունդներուն։ Միաժամանակ, ան ընդգծեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած բարեկամական եւ համերաշխութեան կապերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment