Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Կառավարութիւնը Հաստատեց Օրէնսդրական Նախագիծ, Որ Թոյլ Կու տայ Քաղաքացիին Ֆինանսապէս Աջակցիլ Հասարակական Կազմակերպութիւններուն, Լրատուամիջոցներուն Եւ Կուսակցութիւններուն

ՀՀ Կառավարութիւնը Հաստատեց Օրէնսդրական Նախագիծ, Որ Թոյլ Կու տայ Քաղաքացիին Ֆինանսապէս Աջակցիլ Հասարակական Կազմակերպութիւններուն, Լրատուամիջոցներուն Եւ Կուսակցութիւններուն

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց օրէնսդրական նախագիծ մը, որ թոյլ կու տայ քաղաքացիին իր վճարած եկամտային հարկի հաշուոյն ֆինանսապէս աջակցիլ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ կուսակցութիւններու՝ այդ գումարը դիտարկելով որպէս «ընկերային ծախս»։ Գործադիրի անդամները պնդեցին, որ այս փոփոխութեամբ կ’ազատագրեն այդ կազմակերպութիւնները։

Ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան, ներկայացնելով նախագիծը, յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ եկամուտներու յայտարարագրման համակարգը, որու ծիրին մէջ քաղաքացիները տարեկան կը ներկայացնեն եկամուտներու յայտարարագիր եւ հնարաւորութիւն ունին ընկերային քրետիթներու միջոցով ետ ստանալու առողջապահութեան եւ կրթութեան ուղղութեամբ կատարուած ծախսերուն մէկ մասը։

«Կառավարութիւնն իր ծրագրում ամրագրել է ընկերային քրետիթների շրջանակի ընդլայնման նպատակը, եւ այս փոփոխութեամբ առաջարկւում է ընդլայնել ընկերային քրետիթների կիրառման շրջանակը՝ դրանում ներառելով նաեւ
հասարակական կազմակերպութիւններին, լրատուական գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններին եւ կուսակցութիւններին։ Այսինքն՝ ֆիզիքական անձանց կողմից վճարուած եկամտային հարկի հաշուին վերջիններս կարող են
յատկացումներ կատարել հասարակական կազմակերպութիւններին, լրատուական գործունէութիւն իրականացնող իրաւաբանական անձանց ու անհատ ձեռնարկատէրերին եւ կուսակցութիւններին»,- նշեց նախարարը։

Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի կարծիքով՝ այս կերպ կառավարութիւնը կ’ազատագրէ այդ կազմակերպութիւններուն։

«Մենք հիմա մեխանիզմ ենք ստեղծում, որ երբ հասարակական կազմակերպութիւնը, զանգուածային լրատուամիջոցը կամ կուսակցութիւնը հանրային բարիք է ստեղծում եւ տեսանելի է, մարդիկ իրենք են ուզենալու օգնել այդ հանրային բարիքի ստեղծմանը։ Մենք ինքներս էլ կը հանրահռչակենք եւ մեր քաղաքացիներին կոչ կ’անենք, որպէսզի այդ եղանակով այն խնդիրների լուծմանն ուղղեն իրենց միջոցները, որոնք իրենք համարում են կարեւոր»։

Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանն ալ նշեց, որ այս կերպ կառավարութիւնը կը շեշտէ այն հանգամանքը, թէ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները պէտք է իրաւաչափ ու բարեխիղճ վարքագիծ դրսեւորեն։ Ան յայտնեց, որ վարչապետի աշխատակազմին մէջ կը գտնուի լրատուամիջոցներու ինքնակարգաւորման մարմինի ստեղծման հետ կապուած օրէնսդրական նախագիծերու փաթեթը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment