«Գազպրոմ Արմէնիա»-էն յայտնած են, որ Սեպտեմբեր 15-25 պիտի դադրեցուի Հայաստան բնական կազի մատակարարումը։
Ըստ յայտարարութեան՝ կազամատակարարման ժամանակաւոր ընդհատումը պայմանաւորուած է ՌԴ տարածքին «Հիւսիսային Կովկաս-Անդրկովկաս» մայրուղային կազատարի վրայ ծրագրուած նախազգուշական եւ վերանորոգման համալիր աշխատանքներով։
Յայտնած են, որ նշուած ժամանակահատուածին ՀՀ սպառողներու անխափան եւ յուսալի կազամատակարարումը պիտի իրականացուի առանց սահմանափակումներու՝ ներքին պաշարներու եւ Իրանէն մատակարարուող բնական կազի յաւելեալ ծաւալներու հաշուոյն:

