Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։
Ուքրանիոյ նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ վարչապետի պաշտօնին վերանշանակուելու առիթով։ Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ուքրանիա երկկողմ փոխգործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր։
Նաեւ միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներու շուրջ։ Ընդգծուած է կայուն եւ տեւական խաղաղութեան յառաջմղման կարեւորութիւնը:
Ուքրանիոյ նախագահը Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած էր նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդ օրը՝ Յունիս 8-ին։ X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ Զելենսքի նշած էր, որ սա յաղթանակ է Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ սեփական ընտրութեամբ ապրելու իրաւունքի համար, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթած էր հայ ժողովուրդին։
Ան ընդգծած էր, որ Ուքրանիան պատրաստ է ընդլայնելու երկկողմ համագործակցութիւնը։
Նոյն գրառման մէջ Ուքրանիոյ նախագահը ԵՄ-ին կոչ ըրած էր իրական աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին եւ ամէն ինչ ընելու, որպէսզի մարդիկ զգան, որ իրենց կեանքը աւելի լաւ դարձած է Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններուն շնորհիւ։
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Մայիս 4-ին Հայաստան ժամանած էր՝ մասնակցելու Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին:
Այս այցը արժանացած էր Մոսկուայի խիստ եւ կոշտ արձագանգին։ Ռուսաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը բացայայտ դժգոհութիւն յայտնած էր Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ։
Մայիս 7-ին ՌԴ ԱԳՆ կանչուած էր Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանը։ Հանդիպման ընթացքին ռուսական կողմը յայտարարած էր, որ Մոսկուայի համար անընդունելի է Հայաստանի կողմէ հարթակ տրամադրելը Ուքրանիոյ ղեկավարին։

