Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու անօրինական գաղթականներու պահման կենտրոն ստեղծելու առաջարկ Երեւանին չէ ներկայացուած, նման հարց հայկական կողմին հետ չէ քննարկուած։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը՝ արձագանգելով շրջանառուող լուրերուն, թէ ԵՄ խորհուրդի՝ Օգոստոս 4-ին կայանալիք նիստին Իտալիան քննարկման պիտի ներկայացնէ շարք մը երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ, անօրինական գաղթականներու պահման կեդրոններ ստեղծելու հարցը։
«Մեզ նման առաջարկ չի արուել, մեզ հետ նման հարց չի քննարկուել»,- նշած է Անի Բադալեան։
Euronews-ը Օգոստոս 3-ին գրած է, որ ԵՄ խորհուրդի Օգոստոս 4-ի նիստին շարք մը երկիրներու մէջ անօրինական գաղթականներու պահման վայրեր ստեղծելու առաջարկը պիտի ներկայացնէ Իտալիոյ ներքին գործերու նախարար Մաթէօ Փիանթետոսին։
Կը նշուի, որ հաւանական ընդունող երկիրներու շարքին են քանի մը ափրիկեան պետութիւններ, որոնցմէ ամենահաւանական տարբերակներէն մէկը Ուկանտան է։
Իտալիան կ’առաջարկէ ստեղծել Եւրոպական Միութենէն դուրս գործող ապօրինի գաղթականներու պահման կեդրոններու ցանց, որ պիտի ծառայէ ապօրինի գաղթի կառավարման։
Նոր կեդրոնները, ըստ Իտալիոյ առաջարկին, պիտի ֆինանսաւորուին Եւրոմիութեան միջոցներով։
Ըստ Euronews-ի՝ Իտալիան կ’առաջարկէ նման կեդրոններ ստեղծել ափրիկեան շարք մը պետութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ երկիրներու մէջ, որոնք կը գտնուին աւանդական գաղթի ուղիներէն դուրս։ Հաւանական թեկնածու երկիրներու շարքին են Կանան, Սենեկալը, Թունուզը, Լիպիան, Մաւրիթանիան, Եգիպտոսը, Ուկանտան, Եթովպիան, Ուզպեքիստանը, Հայաստանը եւ Չեռնոգորիան։
Euronews-ը նաեւ կը գրէ, որ Իտալիոյ առաջարկին նախագիծը հրապարակուած է իտալական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ, հաստատած են նաեւ իտալացի պաշտօնեաները։

