9-րդ գումարման Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն Ռուբէն Ռուբինեանը՝ 63 կողմ, 28 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Ռուբինեան յայտնեց, որ կը գիտակցի իր պատասխանատուութիւնը. «Սա ինձ համար մեծագոյն պատիւ է, ամէն ինչ կ’անեմ ձեզ չհիասթափեցնելու համար: Յարգելի ընդդիմադիր գործընկերներ, այն փաստը, որ չէք քուէարկել իմ օգտին, ոչինչ չի նշանակում, ես պատրաստւում եմ լինել ամբողջ Ազգային Ժողովի նախագահը»:
ԱԺ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած էր միայն «Քաղաքացիական Պայմանագրէն» Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը, որ նախորդ խորհրդարանին մէջ ԱԺ փոխխօսնակն էր:
ԱԺ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան այսօր յայտնած էր, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի ԱԺ նախագահի ընտրութեան փակ քուէարկութեան: «Ուժեղ Հայաստան»-էն Նարեկ Կարապետեան յայտնած էր, որ դէմ պիտի քուէարկեն Ռուբեն Ռուբինեանի թեկնածութեան:
«Քաղաքացիական Պայմանագիրը» միաձայն կողմ քուէարկած է Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութեան:

