Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը մերժած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, պատգամաւորի մանտաթ ստացած Նարեկ Կարապետեանը ազատութենէն զրկելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ Դատախազութեան միջնորդութիւնը։
Այս մասին յայտնեց ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Լուսինէ Մարտիրոսեանը։
Յիշեցնենք, որ ժամեր առաջ ԿԸՅ-ն բաւարարած էր Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ Դատախազութեան միջնորդութիւնը։
Դատախազութիւնը, ելլելով նախաքննութեան շահերէն, չէ մեկնաբանած, թէ ինչ քրէական վարոյթի շրջանակներու մէջ կը նախատեսեն քրէական հետապնդում յարուցել Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ։
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, փաստաբան Արամ Վարդեւանեան աւելի վաղ լրագրողներուն յայտնած էր, որ Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը կապուած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Ալիկ Ալեքսանեանին վերագրուող մեղադրանքին հետ։

