ՀՀ Քննչական Կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ նախաձեռնված քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ կատարուած քննչական գործողութիւններու բերումով բացայայտուած են 100-է աւելի ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու դէպքեր:
Մասնաւորապէս՝ առերեւոյթ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ի պատգամաւորի թեկնածու Ա.Է.-ն խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, 2026 թուականի Յունիս 7-ին կայանալիք ՀՀ ԱԺ հերթական ընտրութիւններուն «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի օգտին քուէարկելու պայմանով՝ Արտաշատ համայնքի 100-է աւելի ընտրողի 100.000-500.000 դրամի չափով ընտրակաշառք տուած է, իսկ նշուած ընտրողները որոշ պարագաներու գործելով այլ ընտրողներու հետ խումբի կազմին մէջ, նախնական համաձայնութեամբ ստացած են տարբեր դրամական միջոցներու չափով ընտրակաշառքներ:
Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին պատգամաւորի թեկնածու Ա.Է.-ի նկատմամբ հսկող դատախազի որոշմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 219-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (ընտրակաշառք տալը) եւ 296-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտով (առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացումը):
Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը:

