Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինն Ու Քրեմլինը Կը Սպասեն Հայաստանեան Ընտրութիւններու Արդիւնքներու Վերջնական Ամփոփման. Փեսքով

Փութինն Ու Քրեմլինը Կը Սպասեն Հայաստանեան Ընտրութիւններու Արդիւնքներու Վերջնական Ամփոփման. Փեսքով

by MassisPost

Պաշտօնական Քրեմլինը դեռ կը յապաղի ՀՀ վարչապետը շնորհաւորելու հարցով՝ յոյս ունենալով, որ արդիւնքներու վերահաշուարկը մեծ տարբերութիւններ կը գտնէ ձայներու հաշուարկի գործընթացին մէջ ու գրեթէ կրկնակի պիտի աւելցնելէ քրեմլամէտ ուժերուն արդիւնքները:

Հարցումին, թէ արդեօք Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի շնորհաւորէ՞ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն յաղթանակի առիթով, ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով պատասխանած է, որ Քրեմլին մէջ կը սպասեն վերջնական պաշտօնական արդիւնքներու հրապարակման։

«Կարեւոր է սպասել վերջնական պաշտօնական արդիւնքներու։ Գիտէք՝ կային շատ անորոշ կէտեր։ Մենք տեսանք բազմաթիւ խախտումներու մասին հաղորդագրութիւններ, հետեւաբար մենք կը նախընտրենք սպասել որոշ պաշտօնական եզրակացութիւններու»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment