«Հայաստան» դաշինքը դիմած է խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու վերահաշուարկի համար եւ կը պատրաստուի վերջնահաշուարկի հրապարակումէն յետոյ դիմել Սահմանադրական դատարան՝ վիճարկելու ընտրութեան արդիւնքները։ Լրագրողներուն այս մասին ըսած է «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեանը։
Սաղաթէլեան յայտնած է, որ մանտաթները վերցնելու կամ չվերցնելու հարցը պիտի քննարկեն միւս ընդիմադիր ուժերուն հետ եւ միասնական որոշում կայացնեն։
«Մեր ցանկացած որոշում բխելու է ընդհանուր պայքարի տրամաբանութիւնից»,- ըսած է Սաղաթէլեան։
Նախօրէին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը դիմած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու վերահաշուարկի համար։ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներուն համաձայն ԲՀԿ-ն ստացած է 3,9% քուէ։ Կուսակցութիւններու համար խորհրդարան անցնելու շեմը 4% է։
Յունիս 9-ին ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ դիմումներու հիման վրայ ընտրութիւններու քուէներու վերահաշուարկ սկսած է։

