ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն յաղթանակի առիթով։
«Կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյեանը իր կուսակցութեան վերընտրուելու առիթով: ԱՄՆ-ն կանգնած է վարչապետի եւ Հայաստանի կողքին խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ։
«Յանձնառու ենք յառաջ մղելու Ուաշինկթընի խաղաղութեան պատմական գագաթաժողովի նպատակները, ներառեալ՝ Թրիփփ-ի իրականացումը: Անհամբեր կը սպասենք համատեղ աշխատանքին Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անկէ անդին խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու համար»,- կ’ըսուի ուղերձին մէջ։

