Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գագիկ Ծառուկեանի Նկատմամբ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

Գագիկ Ծառուկեանի Նկատմամբ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

by MassisPost

Դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ: Այս մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն՝ նշելով, որ հետապնդումը յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 290-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով (առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէն խուսափիլը):

Ծառուկեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը:

Մամուլին մէջ լուսանկարներ հրապարակուած էին, ըստ որուն՝ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը այսօր՝ Յունիս 9-ին, «Զուարթնոց» օդակայանէն փորձած է լքել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն իրաւապահ մարմինները թոյլ չեն տուած։

ԲՀԿ մամուլի խօսնակ եւ պատգամաւորի թեկնածու Իվեթա Տօնոյեանը այդրադառնալով այդ հրապարակումներուն՝ պարզաբանած է, որ Գագիկ Ծառուկեանը տիկնոջ հետ վաղօրօք ծրագրուած 2-3 օրեայ այց ունէր՝ խիստ անձնական ու ընտանեկան նպատակներով։

«Երբ օդանաւակայանում անձնագրային անցակէտում Գագիկ Ծառուկեանին ասել են, որ ինչ-որ բան պէտք է ճշդեն՝ Ծառուկեանը պատասխանել է, որ որեւէ բան ճշդել պէտք չէ եւ եթէ դա պէտք է այլ մեկնաբանութեան տեղիք տայ, ապա ինքը հրաժարւում է ուղեւորութիւնից եւ վերադառնում է տուն։ Ես հասկանում եմ, որ իշխանական ԶԼՄ-ն այսօրուայ Հայաստանում ամէն բան գրելու թողութիւն ունեն, բայց կան բաներ, որ իսկապէս անթոյլատրելի են»,- Ֆէյսպուքով գրած է Տօնոյեան։

Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը մասնակցէր 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Նախօրեին ԲՀԿ-ն դիմած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու վերահաշուարկի համար։  Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներուն համաձայն ԲՀԿ-ն ստացած է 3,9% քուէ։ Կուսակցութիւններուն համար խորհրդարան անցնելու շեմը 4% է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment