Թուրքիան արձագանգած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ յայտարարելով, որ կ’ողջունէ Յունիս 7-ին կայացած քուէարկութեան խաղաղ եւ հանգիստ ընթացքը։ Այդ մասին կ’ըսուի Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան Յունիս 8-ին տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ըստ որուն՝ Անքարան կ’ակնկալէ, որ յետընտրական շրջանին Հայաստանը «աւելի համարձակ քայլեր» կը ձեռնարկէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ յարաբերություններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
«Թուրքիան պիտի շարունակի նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան ու բարեկեցութեան՝ հիմնուելով տարածաշրջանի երկիրներու ընդհանուր շահերու վրայ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

