Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վոլոտին. «Փաշինեան Կը Վարէ ՌԴ-ի Նկատմամբ Անբարեացակամ Քաղաքականութիւն, Այլեւս Չենք Կրնար Լռել»

Վոլոտին. «Փաշինեան Կը Վարէ ՌԴ-ի Նկատմամբ Անբարեացակամ Քաղաքականութիւն, Այլեւս Չենք Կրնար Լռել»

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ’օգտուի Ռուսաստանի կողմէ տրամադրուած հնարաւորութիւններէն՝ միաժամանակ կայացնելով Ռուսաստանի նկատմամբ անբարեացակամ քաղաքական որոշումներ, յայտնած է Պետդումայի նախագահ Վյաչեսլաւ Վոլոտինը։

«Պետդումայի պատգամաւորներուն կարծիքով՝ Փաշինեան կը վարէ Ռուսաստանի Դաշնութեան նկատմամբ անբարեացակամ քաղաքականութիւն՝ անպատկառաբար օգտագործելով մեր երկրին կողմէ տրամադրուած հնարաւորութիւնները»,- ռուսական Max ալիքով գրած է Վոլոտին՝ պնդելով, թէ «սա անազնիւ է եւ, ինչպէս ցոյց կու տայ Ուքրանիոյ օրինակը, որեւէ լաւ բանի պիտի չյանգեցնէ»։

Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեան կրկին պնդած է, թէ Մոսկուան պէտք է որոշում կայացնէ։

«Մենք այլեւս չենք կրնար լռել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու մասին»,- գրած է Վոլոտին՝ վերստին յիշատակելով Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթաց սկսելու մասին անցեալ տարի Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ընդունուած օրէնքն ու Հայաստանի անդամակցութիւնը Միջազգային քրէական դատարանին։

Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ երկու օր առաջ Հայաստանի հարցո  յատուկ աշխատանքային խումբի քննարկում կազմակերպուած է, ուր Խորհուրդի քարտուղար Սերտէյ Շոյկու բաւականին կոշտ յայտարարութիւններ հնչեցուցած է՝ Հայաստանի ղեկավարութեան քայլերը որակելով «անհամատեղելի Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին», անոնց շարքին մէջ շեշտադրելով Հայաստանի եւրոպական ձգտումները:

Վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին գրեթէ ամէնօրեայ դրուժեամբ քննադատական յայտարարութիւններ կը հնչեն ռուսաստանցի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ եւս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment