«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Ալիկ Ալեքսանեանի տարածած տեսանիւթի հիման վրայ, ուր կը խօսուէր Ջերմուկի դիրքերէն մէկը յանձնելու մասին, նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Այս մասին յայտնած են Քննչական Կոմիտէէն, նշելով որ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Ալիկ Ալեքսանեանը Մայիս 21-ին Ֆէյսպուքով կից գրառմամբ հոլովակ տեղադրած է՝ «Ժողովուրդ, վեզանից թաքուն դիրք են յանձնում, լսէք այս կամաւորի խօսքը, այս ընթացքում պաշտպանութեան նա նախարարը սրտիկներով քարոզարշաւ է անում», ուր վերջինս եւ մէկ անձ կը խօսին Ջերմուկ քաղաքի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքը Ատրպէյճանին յանձնելու մասին:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյն օրը պաշտօնապէս հերքած է Ալեքսանեանի եւ այդ անձին կողմէ յայտնած տեղեկութիւնները:
Ստացուած հաղորդման հիման վրայ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ սուտ մատնութեան եւ սուտ մատնութիւն կազմակերպելու յատկանիշերով:
Նախաքննութեամբ պարզուած է տուեալ տեսանիւթին մէջ խօսող, դէմքին հատուածը փակուած անձին ինքնութիւնը, որ մարտական հերթապահութիւն իրականացրած է N մարտական դիրքին մէջ:
Վերջինս հարցաքննութեան ժամանակ հերքած է որեւէ դիրք յանձնելու մասին տեղեկատուութիւնը՝ միաժամանակ նշելով, որ գտնուելով ոչ-սթափ վիճակի մէջ, մասնակցած է Նարեկ Կարապետեանի կողմէ կազմակերպուած հաւաքին, ուր հանդիպած է Ալիկ Ալեքսանեան, որ տեղեկացուած ըլլալով իր ընկերային խնդիրներու մասին՝ անմիջապէս կազմակերպած է լրագրողին հետ հարցազրոյցը: Նշած է, որ գտնուած է ոչ-սթափ վիճակի մէջ եւ յայտնած է իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ:

