Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտանած է, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին իր կողմէ կիրառուող կոշտ բառապաշարը պայմանաւորուած է ընդդիմադիր ուժերուն հռետորաբանությամբ։
Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին ըսած է Մայիս 22-ին կայացած ճեպազրոյցին ժամանակ։
Լրագրողներէն մէկը վարչապետին յիշեցուց 2025 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին անոր գրառումը, ուր վերջինս նշած էր, որ հայհոյանքին հայհոյանքով չպատասխանելը պէտք է ընկալել որպէս հաւատարմութիւն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան բարոյական կանոնագրքին։
Փաշինեան՝ դիտարկման ի պատասխան, ըսած է, որ ամէն ինչ չափ ու սահման ունի։
«Ես օգտագործել եմ այն բառապաշարը, որն իմ դէմ են օգտագործել»,- ըսած է վարչապետը։
Անոր խօսքով՝ քաղաքական որոշ ուժեր կը շարունակեն նոյն հռետորաբանութիւնը՝ առանց փաստարկներու։
«Դրա համար ես ասում եմ, որ այդ հարցի լուծումը մէկն է՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ «Հայաստան» դաշինքը պէտք է ուղղակի խորհրդարան չանցնեն»,- նշած է Փաշինեան։
Վարչապետին գնահատմամբ՝ նման խօսոյթը չի կրնար անվերջ շարունակուիլ առանց արձագանգի։
«Կարելի է մէկ անգամ, երկու անգամ, երեք անգամ, տասը անգամ, հարիւր անգամ, բայց դա չի կարող յաւերժ շարունակուել։ Ես ասում եմ՝ այդ չափաբաժինը կուտակուելու է եւ հակադարձուելու է»,- ըսած է ան։
Փաշինեան նշած է, որ չի պատրաստուիր ամէն օր նման բառապաշար օգտագործելու։
«Դուք կարող էք շատ կրթուած լինել, ճշգրիտ լինել, ձեզ համար ունենալ բարոյական որոշակի կանոններ, բայց ինչ-որ պահ կայ, որ ասէք՝ լաւ, հասկացանք։ Այս աշխարհում մենակ ե՞ս ունեմ բարոյականի կանոնագիրք»,- նշած է վարչապետը։
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ նախապէս առաջարկած է դադրեցնել նման խօսոյթը, սակայն, ըստ անոր, այդ առաջարկը արձագանգ չէ ստացած։
2025 թուականի Դեկտեմբերին Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքի իր էջով գրած էր, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը յատուկ պատասխանատուութիւն կը զգայ երկրին մէջ քաղաքական միջավայրի եւ մշակոյթի զարգացման հարցով եւ այդ նպատակով ընդունած է բարոյական կանոնագիրք։
«Երբ հայհոյանքին հայհոյանքով, վիրաւորանքին վիրաւորանքով չպատասխանենք, խնդրում ենք դա չընկալել որպէս թուլութիւն կամ վախուորածութիւն, այլ նուիրուածութիւն մեր իսկ ընդունած բարոյական կանոնագրքին»,- նշուած էր վարչապետի գրառման մէջ։

