Միացեալ Նահանգները ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ առեւտուրի սահմանափակումները հանելու մասին յայտարարութիւնը։
«Այս քայլը ցոյց կու տայ երկու երկիրներուն յանձնառութիւնը՝ ընդլայնելու տնտեսական կապերը եւ խթանելու տեւական խաղաղութիւնն ու բարեկեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ»,- ըսուած է դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ։
ԵՄ-ն եւս ողջունած է այս զարգացումը:
«Մենք կը խրախուսենք երկու երկիրներուն շարունակել համագործակցութիւնը, այդ շարքին՝ «ընդհանուր սահմանի բացման» ուղղութեամբ»,- յայտարարած է ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան խօսնակը, յաւելելով որ այս քայլը կրնայէ նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի եւ տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման՝ դրական ազդեցութիւն ունենալով ամբողջ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի վրայ:
Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Օնճու Քեչելիի յայտարարած էր, որ 2026 թուականի Մայիս 11-ի դրութեամբ աւարտած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի նախապատրաստական աշխատանքները։
Նոր կարգաւորման բերումով Թուրքիաէն երրորդ երկիր, ապա Հայաստան ուղարկուող ապրանքներու վերջնական նպատակակէտը հնարաւոր պիտի ըլլայ նշել որպէս Հայաստան։ Նոյն տրամաբանութեամբ՝ Հայաստանէն նոյն երթուղիով գացող ապրանքներու ծագման երկիր կրնայ նշուիլ Թուրքիան։
Մինչ այժմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հիմնականին մէջ կ’իրականացուէր միջնորդ երկիրներու միջոցով։

