Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան «Համաշխարհային ենթակառուցուածքներու եւ ներդրումներու շուրջ գործակցութեան հիմնադրամի» պատուիրակմամբ Հայաստան ժամանած ամերիկեան AECOM ընկերութեան խումբը։
Ամերիկեան ընկերութեան ներկայացութիւնները Հայաստան եկած են՝ մեկնարկելու TRIPP-ի տեղանքի հետազօտման աշխատանքները:
Հանդիպման ընթացքին AECOM-ի ներկայացուցիչները փոխվարչապետին ներկայացուցած են մշակուելիք տեխնիկատնտեսական գնահատման շուրջ աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններն ու ակնկալուող արդիւնքները։
Մհեր Գրիգորեան կարեւորած է TRIPP-ի իրականացուող աշխատանքները՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն։ Ան ներկայացուցած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները՝ շեշտելով Հայաստանի տարածքով բեռներու եւ միջոցներու տարանցման մեծ ներուժը:
Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան նախօրէին ընդունած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը: Անոնք քննարկած եւ համաձայնեցուցած էին TRIPP-ի իրականացման հետ կապուած գործառնական եւ իրաւական բնոյթի շարք մը հարցեր:

