Ռուսաստանի խորհրդարանի Ստորին պալատի՝ Պետդումայի նախագահ Վյաչեսլավ Վոլոտին զուգահեռներ գծած է Ուքրանիոյ մէջ՝ 10 տարի առաջ եւ այսօր Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացներուն միջեւ։
«Ուքրանիոյ մէջ ալ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս կը սկսէր», – МАХ ընկերային ցանցի իր օգտահաշուով գրած է Վոլոտինը։
Անդրադառնալով Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի՝ Երեւան կատարած այցին, Վոլոտին նշած է․ «Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Վովաեւիչի այդ քայլը բարեկամական չէր ոչ մեր երկրին, ոչ Ռուսաստանի քաղաքացիներուն, ոչ ալ նոյնիսկ հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Այսօր բոլորին համար ալ ակնյայտ մէկ հարց գոյութիւն ունի՝ ինչպէ՞ս պիտի զարգանան մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները Փաշինեանի այսպիսի արարքներէն յետոյ։ Պիտի մերձենա՞ն մեր պետութիւնները, թէ՞ պիտի հեռանան իրարմէ։ Յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը աւելի շատ պիտի ըլլայ, թէ՞ աւելի քիչ։ Ամենայն հաւանականութեամբ երկրորդը։ Ակամայ զուգահեռներ կը ծագին։ Ուքրանիոյ մէջ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս սկիզբ կ’առնէր»,- գրած է Վոլոտին։

