Հայ-ատրպէյճանական սահմանին կը շարունակուին
սահմանազատման աշխատանքները, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար
Ճէյհուն Պայրամով:
Ատրպէյճանական APA-ի փոխանցմամբ՝ Պայրամով ըսած է, որ փոխվարչապետ Շահին
Մուսթաֆաեւի Հայաստան այցի ժամակ կողմերը ստորագրած են երեք փաստաթուղթեր,
որոնք կ’ուրուագծեն հետագայ աշխատանքներուն ընթացակարգերը:
Նախօրէին ալ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտնած էր, որ
սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպման ժամանակ երեք փաստաթուղթի
նախագիծ համաձայնեցուած է:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովները փոխվարչապետներ
Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ վերջին անգամ
հանդիպած են Ապրիլ 29-ին: Կողմերը քննարկած էին սահմանազատման
կազմակերպչական եւ տեխնիկական հարցերը: Նաեւ արդէն համաձայնեցուած
ուղեցոյցերը փոխանակած են: Անոնցմէ մէկը սահմանազատման աշխատանքներուն համար
անհրաժեշտ փորձագիտական խումբերուն աշխատակարգը կը սահմանէ, միւս երկուքը՝
քարտէզի ստեղծման, նաեւ սահմանազատման փաստաթուղթերու ձեւակերպման եւ
հրատարակման կարգերը:

