Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լաթվիայի Հանրապետութեան նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Վարչապետ Փաշինեան ողջունած է Լաթվիայի նախագահինգլխաւորածպատուիրակութեանայցըՀայաստան։
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ այս ամէնը, եւ ընդգծած է, որ Էտկարս Ռինքեւիչսի այցը երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու խորացման եւս մէկ համարձակ դրսեւորում է։
Լաթվիայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ յաւելած, որ 2015-ին ժամանած էր Հայաստան՝ որպէս արտաքին գործերու նախարար։
Զրուցակիցները քննարկած են առեւտրատնտեսական կապերու զարգացմանը, տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ զբօսաշրջութեան, կրթութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր։
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան–Եւրոպական յարաբերութիւններու զարգացման։ Այդ առումով, երկուստեք կարեւորուած է ՀՀ–ԵՄ անդրանիկ գագաթաժողովի կայացումն ու վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը։ Լաթվիայի նախագահը յայտնած է իր երկրին աջակցութիւնը վիզաներու ազատականացման գործընթացին մէջ եւ համոզմունք յայտնած է, որ այն պիտի նպաստէ նաեւ երկկողմ զբօսաշրջային կապերու ընդլայնման։
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան այլ հարցերու շուրջ։


