Լեհաստանն ու Հայաստանը պայմանաւորուած են համատեղ զօրավարժութիւններ իրականակացնել, յայտնած է Վարշաւան։
Պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Լեհաստանի փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Վլատիսլավ Քոսինյաք-Քամիշի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի այսօրուայ հանդիպման բերումով։
«Կայունութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ձգտող երկիրները մեր երկխօսութեան գործընկերներն են։ Ահա թէ ինչու մենք հետաքրքրուած ենք համատեղ ռազմական վարժանքներով, ռազմական համալսարաններուն միջեւ համագործակցութեամբ եւ Լեհաստանի եւ Հայաստանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան միջեւ փորձի փոխանակմամբ», – ըսած է Քոսինյաք-Քամիշ բանակցութիւններէն յետոյ։
Լեհ բարձրաստիճան պաշտօնեան նաեւ նշած է, որ Վարշաւայի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատան մէջ պէտք է բացուի ռազմական կցորդի գրասենեակ։


