Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ես Ջանքեր Գործադրած Եմ, Որ Մեր Ընտանիքը Վերամիաւորուի. Նիկոլ Փաշինեան

Ես Ջանքեր Գործադրած Եմ, Որ Մեր Ընտանիքը Վերամիաւորուի. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին հաստատած է, որ ինքն ու Աննա Յակոբեանը կրկին միասին կ’ապրին ու վերամիաւորուած են:

«Մեր ընտանիքի հետ կապուած իրադրութեան մասով կեանքը շատ աւելի բարդ է, քան թատրոնը: Եթէ մինչեւ հիմա չէք համոզուել դրանում, ձեր հետագայ կեանքում անպայման կը համոզուէք: Երբ Աննան յայտարարութիւն արեց, ես յայտարարեցի, որ յարգանքով եմ վերաբերւում այդ որոշմանը, բայց չյայտարարեցի, որ հաշտ եմ այդ որոշման հետ: Բնականաբար, այդ տրամաբանութեամբ ջանքեր եմ գործադրել, որպէսզի ձեր ասած իրադարձութիւնը տեղի ունենայ, եւ ուրախ եմ, որ եւս մէկ հնարաւորութիւն ունեմ, որպէսզի մեր ընտանիքը պահպանուի»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Յիշեցնենք՝ ընտանիքի վերամիաւորման մասին յայտնի դարձաւ, երբ անցած շաբաթավերջին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Աննա Յակոբեանը միասին մասնակցեցան Հիւսիս-հարաւ ճանապարհին կազմակերպուած ինքնաշարժներով երթին, Կիւմրիի մէջ շրջայցին ու «Վարչաբենդ»-ի համերգին:

Փետրուար 27-ին ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը տեսանիւթ հրապարակած ու յայտնած էր, որ իր եւ վարչապետին ամուսնութիւնը աւարտած է, ու Փետրուար 25-ին ինք լքած է կառավարական առանձնատունը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment