Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ը Պիտի Դիտարկէ Հայաստանի Մէջ Կայանալիք Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ը Պիտի Դիտարկէ Հայաստանի Մէջ Կայանալիք Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

by MassisPost

ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւնների եւ մարդու իրաւունքներու
գրասենեակը (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ) Ապրիլ 23-ին հաստատած է 2026 թուականի Յունիս
7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու դիտարկման նպատակով Հայաստան
դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու որոշումը։ Առաքելութիւնը ձեւաւորուած
է ՀՀ իշխանութիւններու հրաւէրի հիման վրայ եւ կը հիմնաւորուի նախընտրական
կարիքներու գնահատման արդիւնքներով։

Առաքելութեան՝ 13 փորձագէտներէ բաղկացած հիմնական խումբը պիտի գործէ Երեւանի մէջ՝
Եանեզ Լենարչիչի ղեկավարութեամբ։

Մայիս 1-էն երկրի ամբողջ տարածքին պիտի աշխատին 30 երկարաժամկէտ դիտորդներ։
ԺՀՄԻԳ-ը նաեւ պիտի տեղակայէ 250 կարճաժամկէտ դիտորդներ, որոնք Հայաստան
պիտի ժամանեն ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ։ Հիմնական խումբի փորձագէտներն
ու երկարաժամկէտ դիտորդները ԵԱՀԿ անդամ 28 պետութիւններու
ներկայացուցիչներ են։

«Դիտորդական այս առաքելութիւնը պիտի գնահատէ ընտրական գործընթացի բոլոր
փուլերը ԵԱՀԿ յանձնառութիւններու եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու այլ
միջազգային պարտաւորութիւններու եւ չափանիշերու լոյսի ներքոյ։ Մենք
պիտի դիտարկենք ոչ միայն բուն ընտրութիւնները, այլ նաեւ այն միջավայրը,
որուն մէջ անոնք տեղի պիտի ունենան»,- ըսած է Լենարչիչը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment