ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին հաստատած է, որ ինքն ու Աննա Յակոբեանը կրկին միասին կ’ապրին ու վերամիաւորուած են:
«Մեր ընտանիքի հետ կապուած իրադրութեան մասով կեանքը շատ աւելի բարդ է, քան թատրոնը: Եթէ մինչեւ հիմա չէք համոզուել դրանում, ձեր հետագայ կեանքում անպայման կը համոզուէք: Երբ Աննան յայտարարութիւն արեց, ես յայտարարեցի, որ յարգանքով եմ վերաբերւում այդ որոշմանը, բայց չյայտարարեցի, որ հաշտ եմ այդ որոշման հետ: Բնականաբար, այդ տրամաբանութեամբ ջանքեր եմ գործադրել, որպէսզի ձեր ասած իրադարձութիւնը տեղի ունենայ, եւ ուրախ եմ, որ եւս մէկ հնարաւորութիւն ունեմ, որպէսզի մեր ընտանիքը պահպանուի»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Յիշեցնենք՝ ընտանիքի վերամիաւորման մասին յայտնի դարձաւ, երբ անցած շաբաթավերջին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Աննա Յակոբեանը միասին մասնակցեցան Հիւսիս-հարաւ ճանապարհին կազմակերպուած ինքնաշարժներով երթին, Կիւմրիի մէջ շրջայցին ու «Վարչաբենդ»-ի համերգին:
Փետրուար 27-ին ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը տեսանիւթ հրապարակած ու յայտնած էր, որ իր եւ վարչապետին ամուսնութիւնը աւարտած է, ու Փետրուար 25-ին ինք լքած է կառավարական առանձնատունը:

