ԱՄՆ-ն Հայաստան ուղարկած է արտաքսուած քաղաքացիներ, յայտնած է «Սփութնիք Արմենիա»-ն։
Ըստ լրատուամիջոցի տուեալներուն՝ օրերս Երեւանի մէջ վայրէջք կատարած է ԱՄՆ-էն ժամանած «Boeing 767-300» օդանաւը։ Անով տեղափոխուած են արտաքսուածները։ ՀՀ ՆԳՆ-ն հաստատած է տեղեկութիւնը, բայց չէ նշած անոնց թիւը։
«Հարկադիր վերադարձուած անձինք են տեղափոխուել Հայաստան։ Այս պահին իրականացւում են իրաւական կարգավիճակի պարզման եւ փաստաթղթաւորման աշխատանքներ»,- ըսած են նախարարութէն։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն տրամադրած։
Նախնական տուեալով՝ օդանաւը թռիչք առած է ԱՄՆ-էն, միջանկեալ վայրէջք կատարած է Պուխարեսթի մէջ, այնուհետեւ ժամանած է Երեւան, այստեղէն ա մեկնած է Ուզպեքիստան, աւելի քան 40 արտաքսուած անձի տեղափոխած է նաեւ այդ երկիր։

