Թուրքիան Թրամփի ուղիի՝ TRIPP-ի տեսլականին կարեւոր տարր է։ Այս մասին «Սիվիլնեթ»ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվին։
«Սա իսկապէս ազդեցիկ նախագիծ պիտի դառնայ, եթէ օգտագործուի երկաթուղիի այն հատուածը, որ Նախիջեւանով կ’անցնի, կը վերադառնայ Հայաստանով՝ Շիրակով, Կարսով դէպի Թուրքիա, եւ այնտեղից ուր ալ որ երթայ, քանզի Թուրքիան բաւականին զարգացած երկաթուղային ցանց ունի»,- ըսած է դեսպանը։
Դեսպանը յայտնած է, որ ԱՄՆ այս հարցով ուղիղ կ’աշխատի Թուրքիոյ հետ՝ յաւելելով, որ Հայաստան նոյնպէս կ’աշխատի Թուրքիոյ հետ՝ փորձելով իրականացնել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ այդ տեսլականը իրականացնելու համար։
«Ստեղծելով անվտանգ, ապահով ճանապարհ թէ՛ հիւսիսի, թէ՛ հարաւի մէջ, որ պիտի անցնի Նախիջեւանով, ապա Հայաստանով՝ դէպի Կիւմրի եւ Թուրքիոյ Կարս նահանգ, պիտի բացուի տարանցիկ ճանապարհ, որ արեւելքը պիտի կապէ արեւմուտքին եւ հակառակը, ինչէն պիտի օգտուին գրեթէ բոլոր երկիրները, ուրկէ կ’անցնի այդ ճանապարհը: Եւ ես կ’ըսէի, որ Հայաստանը, թերեւս, աւելի շատ պիտի օգտուի, քան միւսները, քանզի վերջին 30 տարիէ աւելի Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան սահմանները փակ եղած են»,- ըսած է Քրիսթինա Քվին։
Ներկայացնելով TRIPP-ի հարցով ԱՄՆ տեսլականը՝ դեսպանը ընդգծած է, որ այն երթուղի է, որ պիտի օգնէ կապել արեւելքը արեւմուտքին, արեւմուտքը՝ արեւելքին, վերջնական արդիւնքով՝ Կեդրոնական Ասիան՝ Արեւմտեան Եւրոպային։ Անոր համոզմամբ՝ Կովկասը երկար ժամանակ այդ երթուղիին համար խոչընդոտ եղած է աշխարհաքաղաքական տարբեր պատճառներով։
«TRIPP-ի մշակման զուգընթաց, տեսլականը այն է, որ այն պիտի մշակուի Միացեալ Նահանգներու հետ՝ համատեղ ձեռնարկութեան միջոցով, որու ստեղծման ուղղութեամբ հիմա կ’աշխատինք։ Հայաստանը մշտական տեղ պիտի ունենայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ՝ անոր զարգացման նպաստելու եւ ապահովելու, որ իրականութեան մէջ պահպանուին իր տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ իրաւասութիւնը: Այնպէս որ, կը կարծեմ՝ TRIPP-ը շատ ամուր երաշխիքներ կու տայ Հայաստանին, որ այն պիտի չբախի այն խնդիրներուն, որոնց մասին կային մտահոգութիւններ»,- ըսած է ԱՄՆ դեսպանը։

