Հռոմի Լեւոն 14-րդ պապը Նոյեմբեր 30-ին՝ Սուրբ Անտրէաս առաքեալի տօնին, Թուրքիա կատարելիք իր առաքելական ճանապարհորդութեան ընթացքին Սթամպուլի մէջ պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ենթակայութեան տակ գտնուող հայկական եկեղեցի։
Աղօթքը պապին ծրագրին մէջ ներառուած է որպէս քրիստոնէական համերաշխութեան եւ էքումենիք երկխօսութեան խորհրդանշական քայլ։
Հռոմի պապին այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի ծիրին մէջ, որուն յոբելեանը կը համարուի քրիստոնէական համընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան առանցքային տարեթիւերէն մէկը։

