«Այս պահին TRIPP-ն իրականացւում է ՀՀ-ԱՄՆ ձեւաչափով, կնքուել է համաձայնագիր եւ դա իրականացման փուլում է»,- կը շեշտէ արտաքին գործերու փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ Մոսկուայէն TRIPP-ի արդիւնաւէտութիւնը առանց ռուսական կողմին կասկածի տակ կը դրուի, պաշտօնական Երեւանի համար որեւէ ձեւաչափով TRIPP-ին մէջ Մոսկուայի ներգրաւուածութիւնը ընդունելի՞ է կամ կրնայ քննարկուիլ հետագային, արտաքին գործերու փոխնախարարը ընդգծեց նաեւ.- «չէի ուզի այս պահին ապագայի մասին ինչ-որ բան ասել»:
Մնացական Սաֆարեանը նշեց, որ այս պահուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՏՄ անդամ է եւ տարանցման կանոնները ԵԱՏՄ-ի կարգաւորումներով են, «Ազատութեան» հարցումին, թէ այդ շարքին՝ TRIPP-ը պիտի ըլլայ ԵԱՏՄ կարգաւորումներո՞վ, արտաքին գործերու փոխնախարարը դրական արձագանգ տուաւ:
Արդեօ՞ք այստեղ՝ համատեղ աշխատանքի շրջանակին մէջ համագործակցութիւն պիտի ըլլայ ամերիկեան ու ռուսական կողմին հետ:
«ԵԱՏՄ մաքսային կարգաւորումները մեր մաքսային մարմիններն են իրականացնում, այնպէս որ մենք այդտեղ հարց չենք տեսնում»,- կը շեշտէ արտաքին գործերու փոխնախարարը:

