Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Ռուսաստանը Փակէ Իր Շուկան Հայկական Արտադրանքին Համար, ԵՄ-ն Պիտի Բանայ Իր Դռները․ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայեն

Եթէ Ռուսաստանը Փակէ Իր Շուկան Հայկական Արտադրանքին Համար, ԵՄ-ն Պիտի Բանայ Իր Դռները․ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայեն

by MassisPost

Եթէ Ռուսաստանը փակէ իր շուկան հայկական արտադրանքին համար, Եւրոպական Միութիւնը պիտի բանայ իր դռները հայկական ապրանքներուն համար՝ հասանելիութիւն ապահովելով եւրոպական 450 միլիոննոց սպառողական շուկային: Յուլիս 2-ին Երեւանի մէջ յայտնած է Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայենը՝ Հայաստանի վարչապետին հետ ընդլայնուած կազմով հանդիպման ժամանակ։

Պրիւսքէլը պիտի ազատականացնէ դէպի Եւրոմիութեան շուկաներ Հայաստանի արտահանումներու շուրջ 80%-ը եւ պիտի տրամադրէ ֆինանսական փաթեթներ՝ օգնելով Երեւանին բազմազանեցել իր տնտեսութիւնը եւ դիմակայել Մոսկուայի կողմէ աճող ճնշումներուն: Այս մասին յայտնած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայեն՝ Երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէն յետոյ կայացած համատեղ ասուլիսին
ժամանակ։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային բարդութիւններուն ու Հայաստանի տնտեսական խոցելիութեան՝ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է եւրոպական կառոյցներուն պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանին վերակողմնորոշել իր տնտեսական կապերը:

«Ես գիտեմ, որ Հայաստանը դեռեւս կը բախի նշանակալի տնտեսական ճնշման Ռուսաստանի կողմէ, որոնք համարեա սահմանակից են տնտեսական բռնութեան։ Բայց վստահ եղէք՝ երբ մեր գործընկերներուն վրայ ճնշումը կը կուտակուի, Եւրոպական Միութիւնը յառաջ կու գայ եւ քայլ կ’ընէ»,- յայտնած է ֆօն տեր Լայենը։

ԵՄ-ն կը նուազեցնէ Հայաստանի կախուածութիւնը ՌԴ-էն որպէս Ռուսաստանէն տնտեսական կախուածութեան տկարացման գործնական քայլ՝ ԵՄ-ն Հայաստանի համար պիտի ներդնէ Ինքնավար առեւտրային միջոցներ (Autonomous
Trade Measures), որոնք պիտի զրոյացնեն մաքսատուրքերը հայկական ապրանքներու գերակշիռ մասին համար:

«Այս միջոցները պիտի ազատականացնեն Հայաստանի արտահանումներուն մօտաւորապէս 80%-ը դէպի Եւրոպական Միութիւն… Ասով մենք կրնանք վերաուղղորդել այն արտադրանքները, որոնք այժմ մեծապէս կախուած են ռուսական շուկայէն, եւ զանոնք ուղարկել Եւրոպական Միութեան միասնական շուկայ՝ 450 միլիոն սպառողներու ընդգրկմամբ»,- նշած է Եւրոյանձնաժողովի ղեկավարը՝ յաւելելով, որ այդ պիտի բանայ Եւրոպայի դռները Հայաստանի թարմ գիւղմթերքի եւ խմիչքներու գրեթէ ամբողջ ծաւալին համար, որոնք նախապէս հիմնականին մէջ կ’արտահանուէին Ռուսաստան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է այս որոշումը՝ ընդգծելով, որ այն բացառիկ հնարաւորութիւն է երկրին համար։

«Այս որոշումն ամբողջութեամբ ուժի մէջ մտնելու պահից Հայաստանը կը ստանայ Եւրոմիութեան անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակ կամ Եւրոմիութեան հետ ազատ առեւտրի համաձայնագիր չունեցող առաջին երկիրը, որի նկատմամբ վերջին շրջանում Եւրոպական Միութիւնը կը կիրառի այս գործիքը»,- ըսած է Փաշինեան, յոյս յայտնելով, որ այս մեխազնիմը հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ գործարկուի, հաշուի առնելով, որ բերքահաւաքի շրջանը Հայաստանի մէջ արդէն իսկ
մեկնարկած է:

Անդրադառնալով երկկողմ յարաբերութիւններու շարժին՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը արձանագրած է. «Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը մօտ են իրար առաւել, քան երբեւէ: Այս արտայայտութիւնը օրէցօր աւելի է նիւթականանում՝ ստանալով ոչ միայն քաղաքական, այլեւ գործնական, տնտեսական կիրառում։ Ուրախ եմ արձանագրելու, որ քննարկեցինք Հայաստանի առջեւ ծառացած տնտեսական բազմազանեցման եւ այդ առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան տարբեր մեխանիզմների գործարկման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքը»։

Տնտեսական դիմակայունութեան բարձրացման շրջանակներուն մէջ, որ այժմ աւելի արդիական է քաղաքական տարաձայնութիւններով պայմանաւորուած Ռուսաստանի առեւտրային սահմանափակումներուն բախող Հայաստանի համար, վոն տեր Լայեն մանրամասնած է տրամադրուող ֆինանսական աջակցութեան նպատակային ուղղութիւնները՝ ընդգծելով յատկապէս նոր դրամաշնորհային փաթեթին դերը:

«Դուք շուտով պիտի ստանաք յաւելեալ 18 միլիոն եւրօ՝ օգնելու ամրացնել եւ բազմազանեցնել ձեր առեւտուրը: Ֆինանսաւորումը կրնայ, օրինակ, օգնել ստեղծել արտահանման խթանման գործակալութիւն, որպէսզի հայկական առեւտուրի արտահանման հզօրությունները խթանուին»,- յայտնած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահը՝ պարզաբանելով, որ այս 18 միլիոն եւրօն վերջնական մասն է այն 52 միլիոն եւրօ օժանդակութեան փաթեթին, որուն շուրջ կողմերը պայմանաւորուած էին Յունիսի սկիզբը կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին:

Իր հերթին վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է 52 միլիոն եւրոյի չափով պիւտճէական աջակցութեան համար՝ յոյս յայտնելով, որ արտահանումներու խթանման ուղղութեամբ աջակցութիւնը ըլլայ շարունակական:

Ֆոն տեր Լայեն նաեւ յայտնած է 200 միլիոն եւրօ արժողութեամբ «Համաշխարհային դարպասներ» (Global Gateway) նոր փաթեթի մասին, որ ուղղուած է տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու զարգացման։ Միջազգային ֆինանսական
գործընկերներուն հետ համատեղ ռազմավարական փոխադրութեան, ուժանիւթային եւ թուային ծրագրերու ֆինանսաւորումը Հարաւային Կովկասի մէջ կրնայ հասնիլ մինչեւ 2 միլիառ եւրոյի: Ի լրումն, պիտի գործարկուի եւս 20 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրագիր՝ ուղղուած սահմանամերձ համայնքներու տնտեսական դիմակայունութեան բարձրացման:

Փաշինեան իր հերթին վերահաստատած է կապակցուածութեան ոլորտին մէջ ձեռք բերուած յառաջընթացը՝ շեշտելով հարեւան Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթային կապուղիներու կառուցման, ինչպէս նաեւ Սեւծովեան ստորջրեայ ելեկտրաուժային եւ թուային մալուխի նախագիծին Հայաստանի միանալու կարեւորութիւնը՝ որպէս երկրի ուժանիւթային անվտանգութեան եւ արագ «կանաչ անցման» գրաւական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment