«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի խօսքով՝ այս պահուն երկու քաղաքական ընդդիմադիր ուժ կայ, որ պիտի մտնէ խորհրդարան:
«Հարցախոյզով եւ այլն, այսօր երեւում են երկու միաւոր, որոնք բնականօրէն մտնում են խորհրդարան՝ շատ չեն զիջում ՔՊ-ին, բաւական փոքր տարբերութեամբ է ՔՊ-ն դեռ առաջ, բայց միասին այդ երկու միաւորն արդէն շեշտակի աւելի են: Մէկը «Հայաստան» դաշինքն է, մէկը՝ Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծուող կուսակցութիւնը»,- ըսած է Քոչարեան ի պատասխան «Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ իր հաւանականութիւնը:
Կարապետեանները Օգոստոսին ազդարարած էին «Մեր ձեւով» նոր շարժում սկսելու մասին, որն ալ ամիսներ յետոյ պէտք է դառնայ գալիք ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացնող նոր քաղաքական ուժի հիմքը: Կալանաւորուած միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ «Տաշիր կրուփ» ընկերութեան փոխնախագահ Նարեկ Կարապետեանը շարժումը պիտի ղեկավարէ: Սամուէլ Կարապետեանը, ինչպէս նշած է Նարեկ Կարապետեանը, այդ ուժի գաղափարական առաջնորդն է:
Քոչարեանը նաեւ յայտնեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրուիլը կը ձգտի զերոյի:
Թէ ի՞նչ ձեւաչափով «Հայաստան» դաշինքը պիտի մասնակցի 2026 թուականի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, ան ըսաւ՝ այդ մասին քննարկում չէ եղած, որոշումը պիտի ըլլայ Յունուար-Փետրուար ամիսներոպն:
«Ո՞վ է գլխաւորելու ցուցակը՝ կախուած է, թէ ով կ’ունենայ առաւելագոյն հաւանականութիւնը հարցախոյզով», – նշեց ան:

