Տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահը շնորհաւորած է ծննդեան օրուայ առիթով եւ բարեմաղթանքներ փոխանցած։
Կարեւորելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը` վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է այդ զարգացման գործին մէջ Ռուսաստանի նախագահին անձնական ներդրումը։

