Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Գոնկրէսականները Օրինագիծ Ներկայացուցած Են՝ Առաջարկելով Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Յարձակման Պարագային

ԱՄՆ Գոնկրէսականները Օրինագիծ Ներկայացուցած Են՝ Առաջարկելով Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Յարձակման Պարագային

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի անդամներ Տարել Իսսան եւ Կաս Պիլիրագիսը ներկայացուցած են «Կովկասի մէջ լարուածութեան կանխարգելման եւ փոխգործակցութեան յառաջխաղացման մասին» օրինագիծը (Preventing Escalation and Advancing Caucasus Engagement Act – PEACE Act, H.R.5632), որ կը նախատեսէ պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի հանդէպ նոր յարձակման պարագային:

Օրինագիծը աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, Փաշինեանի խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ռուսական ազդեցութիւնը հեռացնելու ջանքերուն:

Պատժամիջոցները կը ներառեն ատրպէյճանական պաշտօնեաներու հաշիւներու սառեցում, վիզաներու արգելք եւ ֆինանսական սահմանափակումներ այն օտարերկրեայ դրամատուներուն համար, որոնք գործարքներ կը կատարեն ատրպէյճանական քարիւղի առեւտուրը հեշտացնող ֆինանսական հաստատութիւններու հետ:

Օրինագիծը կը նախատեսէ բացառութիւններ մարդասիրական օգնութեան եւ հիմնական ապրանքներու համար եւ պիտի գործէ 7 տարի: Ընթացիկ կարգավիճակ օրինագիծը ներկայացուած է ԱՄՆ գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ 2025 թուականի Սեպտեմբեր 30-ին եւ նոյն օրը ուղարկուած է երեք կոմիտէներու՝ Արտաքին յարաբերութիւններու, Արդարադատութեան եւ Ֆինանսական ծառայութիւններու:

Օրինագիծը կը գտնուի օրէնսդրական գործընթացի սկզբնական փուլին եւ դեռ չէ քննարկուած կամ քուէարկուած կոմիտէներուն մէջ: Այն պէտք է հաստատուի իւրաքանչիւր կոմիտէի կողմէ, ապա անցնի Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի քուէարկութիւնները՝ նախքան նախագահի ստորագրութեան ներկայացուիլը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment