Մայր Աթոռը անդրադարձած է Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի կալանքի ժամկէտը եւս մէկ ամսով երկարաձգելու որոշման, նշելով որ այն եղած է «օրէնքի եւ իրաւունքի կոպտագոյն ոտնահարմամբ»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարած է. «Խիստ բացայայտ է, որ դատարանը, արդարադատութիւն իրականացնելու փոխարէն, ակնյայտօրէն միացել է իշխանութիւնների հրահրած հակաեկեղեցական արշաւին՝ ստանձնելով եկեղեցականների եւ Եկեղեցուն աջակցող անձանց նկատմամբ հաշուեյարդար կիրառելու անպատուաբեր դերակատարութիւն»։
Մայր Աթոռը վերստին յայտարարած է. «Հարկ է վերջ տալ ապօրինութիւններին, այդ թւում՝ խտրական մօտեցմանը, եւ անյապաղ ազատ արձակել ինչպէս գերաշնորհ Տ․ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին, այնպէս եւ կեղծ մեղադրանքներով կալանաւորուած անձանց»:

