Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի նպաստէ սահմանային անցակէտերու բացման եւ նոր ճանապարհներու եւ երկաթուղիներու գործարկման՝ յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:
«Ես կը հաւատամ, որ Հարաւային Կովկասը պիտի հասնի այն խաղաղութեան, որուն կը ձգտի: Սպիտակ տան մէջ ստորագրութիւնները, անկասկած, արագացուցին Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը։ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը մեծ մասամբ յաղթահարած են խաղաղութեան ճանապարհին առկայ խոչընդոտները եւ հասած վերջնափուլին»,- ըսած է Ռեճեպ Էրտողան: Անոր համոզմամբ՝ տարածաշրջանային երկիրները նոյնպէս պիտի շահին համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններէն։ Էրտողանի խօսքով՝ Ռուսաստանը եւ Իրանը ապագային նոյնպէս պիտի հասկնան, որ իրենց մտահոգութիւնները անտեղի էին:
Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան: Անոր կարծիքով՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահները տակաւին պատրաստ չեն հանդիպման:
Ռեճեպ Էրտողան Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մօտեցումները դրական գնահատած է, սակայն կարծիք յայտնած է, որ հարկաւոր է բարձրացնել բանակցութիւններու մակարդակը: Էրտողանի խօսքով՝ յստակ արդիւնքներու հասնելու համար պէտք է հանդիպում կազմակերպուի երկու ղեկավարներուն միջեւ: Ան հերթական անգամ առաջարկած է Թուրքիոյ միջնորդութիւնը:

