Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ ինչպէս ՀՀ տնտեսութեան համար ընդհանուր առմամբ, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածի առանձին ներկայացուցիչներու համար:
Նման համոզմունք յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:
Նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին մէջ մէկ կարեւոր մեծ հատուածը կը վերաբերի տնտեսութեան, առեւտուրին եւ ներդրումներուն: Կան նաեւ որոշակի դրոյթներ ու ճանապարհային քարտէզ:
«Մասնաւորապէս, երկու երկրները մտադիր են առեւտրի եւ ներդրումների ոլորտում որոշակիօրէն առկայ օրէնսդրութիւնն աւելի բարելաւել, որ առրեւտրաշրջանառութիւնը, ներդրումային հոսքերը փոխադարձաբար աւելի հեշտ ընթանան: Այդ առումով, բնականաբար, ակնկալում են աւելացնել առեւտրաշրջանառութիւնը աշխարհի երկրորդ խոշոր տնտեսութեան հետ եւ, ի հարկէ, գրաւել չինական ներդրումներ, որոնք աշխարհում ամենագրաւիչներից են»,-ըսաւ Պապոյեան՝ յաւելելով, որ Չինաստանի տնտեսութիւնը այս առումով ունի շատ լաւ ու մեծ հնարաւորութիւններ:
Նախարարին խօսքով՝ փաստաթուղթին մէջ նաեւ կարեւոր արձանագրում է այն, որ կողմերը յանձն կ’առնեն համագործակցութիւնը խորացնել շարք մը ուղղութիւններով, մասնաւորապէս՝ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:
«Այս առումով, կարծում եմ, որ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կը բացի ինչպէս մեր տնտեսութեան համար ընդհանուր առմամբ, այնպէս էլ, ի հարկէ, մեր մասնաւոր հատուածի առանձին ներկայացուցիչների համար, որոնք կարող են ոչ միայն ներդրումներ ներգրաւել չինական տնտեսութիւնից, այլ նաեւ խորացնել մեր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: Մասնաւորապէս, կարող են ինչպէս ապրանքներ արտահանել դէպի Չինաստան, այնպէս էլ ներմուծել Չինաստանից՝ աւելի պարզեցուած, աւելի հեշտացուած առեւտրային ընթացքակարգերով»,- ըսաւ նախարարը:
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 2024 թուականին 2023-ի նկատմամբ աւելցած է 1.7 անգամ: Պապոյեանը սա լուրջ ցուցանիշ համարեց՝ նկատելով, որ բաւականին լաւ զարգացումներ արձանագրուած են թէ՛ արտահանման, թէ՛ ներմուծման մասով:
2024 թուականին Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է մօտ 2 միլիառ 280 միլիոն տոլար: Նախարարը կը կարծէ, որ այս տարի նոյնպէս ցուցանիշները տպաւորիչ պիտի ըլլան:
Չինաստանի Թիենծին քաղաքին մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինի հանդիպման բերումով կողմերը յայտարարած են, որ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կը հաստատուի ռազմավարական գործընկերութիւն:

