Հնդկաստանը կրկին արգելափակած է Ատրպէյճանի՝ ՇՀԿ-ին միանալու դիմումը:
Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրներուն:
Կը նշուի, որ մինչ Չինաստանը կ’աջակցի Ատրպէյճանի ՇՀԿ-ին միանալուն, Հնդկաստանը կրկին արգելափակած է Պաքուին լիիրաւ անդամակցութիւն շնորհելու առաջարկը։
Ըստ աղբիւրներուն՝ այս քայլը կապուած է Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ սերտ կապերուն հետ: Հնդկաստանը, ինչպէս յայտնի է, բարեկամական չի համարեր Փաքիստանի հետ «եղբայրական» պետութիւնները:
Նշենք, որ Չինաստանը կ’աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անդամակցութեանը ՇՀԿ-ին՝ որպէս մշտական անդամներ։
«Այս երկիրները այժմ ունին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկխօսութեան գործընկերներու կարգավիճակ»,- նշած է Ծինփինը:

