Home Uncategorized ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Պիտի Շարունակէ Դիտորդական Առաքելութիւնը Իր Մանտաթի Հիման Վրայ Եւ Այս Պահուն Որեւէ Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւն Չկայ. Վասիլիս Մարակոս

ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Պիտի Շարունակէ Դիտորդական Առաքելութիւնը Իր Մանտաթի Հիման Վրայ Եւ Այս Պահուն Որեւէ Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւն Չկայ. Վասիլիս Մարակոս

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակէ դիտորդական առաքելութիւնը իր մանտաթի հիման վրայ, եւ այս պահուն որեւէ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չկայ: «Ազատութեան» այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսը՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումէն յետոյ սահմանին երրորդ ուժերու դուրսբերման հարց չէ ծագած:

«Ինչպէս ես գիտեմ՝ Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները կ’ողջունեն Եւրոմիութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Այն կը շարունակէ իրականացնել իր գործունէութիւնը։ Եւ եթէ որեւէ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն ըլլայ, մենք այդ պիտի քննարկենք մեր անդամ պետութիւններուն եւ, ի հարկէ, Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։ Բայց այս պահուն ես կ’ուզեմ վստահեցնել հայ հասարակութեան, որ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել իր գործունէութիւնը իր մանտաթի հիման վրայ», – յայտնեց ԵՄ դեսպանը:

Հարցումին, թէ որեւէ քննարկում եղա՞ծ է Ուաշինկթընի մէջ համաձայնագրի նախաստորագրումէն յետոյ, Մարակոս պատասխանեց. «Պէտք է ընդգծեմ, որ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը այստեղ կը գտնուի Հայաստանի իշխանութիւններուն խնդրանքով, եւ այն պիտի շարունակէ մնալ այստեղ այնքան ժամանակ, որքան անոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ։ Այն խաղաղութեան եւ կարգաւորման գործիք է։ Եւ մենք լիովին կը սատարենք անոր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment