ԵԱՀԿ Նախարարներու խորհուրդը որոշում կայացուցած է փակել ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացը եւ անոր կից կառոյցները:
Յիշեցնենք, որ կառոյցը լուծարելու առաջարկով հանդէս եկած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Անվաւեր ճանչցուած են ԵԱՀԿ շրջանակներուն մէջ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ նախապէս ընդունուած բոլոր որոշումները»,- նշուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

