ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանի առաքելութիւնը աւարտած Լիլիթ Մակունցը կը նշանակուի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական:
Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Յիշեցնենք, ՀՀ նախագահին հրամանագրով՝ Լիլիթ Մակունցը ետ կանչուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն:
Մէկ այլ հրամանագրով՝ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը նշանակուած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան:

