Home Uncategorized «3+3»-ը Դիմացած Է Ժամանակի Փորձութեան Եւ Պէտք Է Գործուն Մնայ. Այն Կը Նպաստէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Վէճերու Լուծման». Իրանի ԱԳՆ

«3+3»-ը Դիմացած Է Ժամանակի Փորձութեան Եւ Պէտք Է Գործուն Մնայ. Այն Կը Նպաստէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Վէճերու Լուծման». Իրանի ԱԳՆ

by MassisPost

«3+3» տարածաշրջանային ձեւաչափը դիմացած է ժամանակի փորձութեան, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային։

Անոր խօսքով՝ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» ձեւաչափը ունի իր պատմութիւնը եւ ստեղծուած է տարածաշրջանի երկիրներու եւ Հարաւային Կովկասը շրջապատող պետութիւններու՝ ներառեալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խորհրդակցութիւններու համար։

«Մինչ օրս տեղի ունեցած են քանի մը հանդիպում տարբեր երկիրներու մէջ, եւ, եթէ չեմ սխալիր, առաջին հանդիպումներէն մէկը տեղի ունեցած է Թեհրանի մէջ: Այս մեխանիզմը արդէն դիմացած է ժամանակի փորձութեան որպէս տարածաշրջանային կազմակերպութիւն, որ կը նպաստէ տարածաշրջանի երկիրներու, յատկապէս՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ վէճերու լուծման»,- նշած է Պաղային:

Անոր խօսքով՝ անկախ տարածաշրջանէն դուրս տեղի ունեցող զարգացումներէն, տարածաշրջանային երկիրները եկած են այն եզրակացութեան, որ այս ձեւաչափը պէտք է մնայ գործուն, եւ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել անոր արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար՝ վէճերը լուծելու եւ կանխարգիլելու արտատարածաշրջանային դերակատարներու միջամտութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment