Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վերաքննիչ Դատարանը Մերժած Է Աջապահեանի Պաշտպաններուն Միջնորդութիւնը

Վերաքննիչ Դատարանը Մերժած Է Աջապահեանի Պաշտպաններուն Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Վաչէ Մարգարեան մերժած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը՝ բանաւոր ընթացակարգով բողոքը քննելու վերաբերեալ:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի պաշտպաններու խումբը։

Դատաւորը որոշած է Յուլիս 24-ի փոխարէն դատական արձանագրութիւնը հրապարակել Յուլիս 30-ին։

Դատաւորը ժամկէտի փոփոխումը պատճառաբանած է յաւելեալ ուսումնասիրութիւն իրականացնելու, դատարանի ծանրաբեռնուածութեան եւ պաշտպաններուն իր դէմ բացարկ յայտնելու հնարաւորութիւն ընձեռելու անհրաժեշտութեամբ:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի գործով նախաքննութիւնը աւարտած է։

Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ զանգուածային լրատուամիջոցներով եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով տարածուած այն կոչերուն համար, որոնք, ըստ իրաւապահներուն, ուղղուած եղած են իշխանութեան իւրացման ու սահմանադրական կարգի տապալման։ Յունիս 28-ին Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը երկու ամիսով կալանաւորուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment