Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Ռուսաստանը շահագրգռուած է անվտանգ, կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասով։ Ամէնշաբթեայ ամփոփման ընթացքին ՌԴ ԱԳՆ խօսնակը նշած է, որ անոր համար անհրաժեշտ պայման է Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցումը։
Զախարովան յիշեցուցած է, որ անձամբ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ 2020 թուականին հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման մեծ փուլ եղած է, բոլոր ռազմակավարական ուղղութիւններով ճանապարհային քարտէզ մշակուած է, որ իր մէջ կը ներառէր խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցումը, փովադրութեան ու տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմանագծումն ու սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ շփումները։
Միեւնոյն ժամանակ Զախարովա նշած է, որ ինչ-որ պահի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նախընտրած են ուղիղ երկխօսութիւն եւ Մոսկուան կը յարգէ այդ ընտրութիւնը։
Խօսելով Արեւմուտքի ներգրաւուածութեան մասին, Զախարովա մտահոգութիւն յայտնած է, թէ այն տեղեկութիւնը, որ կը ստանան, կասկած չի թողներ Արեւմուտքի իրական նկատակներուն մասին․ «Հերթական բարի նպատակներու տակ թաքնուած է միաւորիչ առաջադրանք՝ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը դուրս բերել տարածաշրջանային գործընթացներէն, երբ երկու երկիրները կը փորձեն հասնիլ համախոհական որոշման՝ մերձաւոր հարեւաններու աջակցութեամբ, որոնք նպաստած են նրանց հաշտեցման՝ Ռուսաստանը, Իրանը, Թուրքիան։ Արեւմուտքը մտադիր է իր գիծերուն վրայ տեղափոխելու Պաքուի ու Երեւանի հաշտեցման գործընթացը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել տարածաշրջանային ինքնաբաւութեան խաթարման»,- յայտնած է Զախարովա։
Ան նաեւ ըսած է, որ Մոսկուան կը տեսնէ Ուաշինկթընի ջանքերը՝ միջամտել տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային շրջափակման վերացման․ «Ամերկացիները կ’ըսեն, որ ունին իւրայատուկ լուծում, բայց ատիկա այն է, ինչ կատարուած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի փոխվարչապետներու եռակողմ խումբի շրջանակին մէջ»։
Ըստ ՌԴ ԱԳՆ խօսնակին՝ Արեւմուտքի ապակառուցողական ազդեցութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշման պատճառով խումբին մէջ աշխատանքը դադրած է։

